Ճափոներէն — Ուիքիփետիա Jump to content Հիմնական ընտրացանկ Հիմնական ընտրացանկ տեղափոխել կողագոտի պահել Նաւարկութիւն Գլխաւոր Էջ Նոր էջեր Պատահական էջ Մասնակցութիւն Զրուցարան Վերջին փոփոխութիւնները Օգնութիւն Որոնել Որոնել Արտաքին տեսք Նուիրել Հաշիւ ստեղծել Մուտք գործել Անձնական գործիքներ Նուիրել Հաշիւ ստեղծել Մուտք գործել Բովանդակութիւն տեղափոխել կողագոտի պահել Սկսիլ 1 Գրենական Համակարգ Toggle Գրենական Համակարգ subsection 1.1 Ուսուցումը 2 Հարցական Նախադասութիւններ 3 Րենտաքու Toggle Րենտաքու subsection 3.1 Լայմընի Օրէնք 4 Բառակազմութիւններ Toggle the table of contents Ճափոներէն 237 լեզու Аԥсшәа Acèh Адыгабзэ Afrikaans Alemannisch አማርኛ Pangcah Aragonés Ænglisc अंगिका العربية ܐܪܡܝܐ الدارجة مصرى অসমীয়া Asturianu अवधी Azərbaycanca تۆرکجه Башҡортса Basa Bali Boarisch Žemaitėška Bikol Central Беларуская (тарашкевіца) Беларуская Betawi Български भोजपुरी Banjar বাংলা བོད་ཡིག Brezhoneg Bosanski Batak Mandailing Буряад Català 閩東語 / Mìng-dĕ̤ng-ngṳ̄ Нохчийн Cebuano Tsetsêhestâhese کوردی Qırımtatarca Čeština Kaszëbsczi Словѣньскъ / ⰔⰎⰑⰂⰡⰐⰠⰔⰍⰟ Чӑвашла Cymraeg Dansk Deutsch Zazaki Dolnoserbski Kadazandusun ދިވެހިބަސް Ελληνικά English Esperanto Español Eesti Euskara Estremeñu فارسی Suomi Võro Føroyskt Français Arpetan Nordfriisk Frysk Gaeilge Gagauz 贛語 Kriyòl gwiyannen Gàidhlig Galego Avañe'ẽ Gaelg Hausa 客家語 / Hak-kâ-ngî Hawaiʻi עברית हिन्दी Fiji Hindi Hrvatski Hornjoserbsce Kreyòl ayisyen Magyar Հայերեն Interlingua Jaku Iban Bahasa Indonesia Ilokano ГӀалгӀай Ido Íslenska Italiano 日本語 Patois La .lojban. Jawa ქართული Qaraqalpaqsha Taqbaylit Адыгэбзэ Kabɩyɛ Tyap Kumoring Қазақша ភាសាខ្មែរ ಕನ್ನಡ Yerwa Kanuri 한국어 Къарачай-малкъар کٲشُر Kurdî Коми Kernowek Кыргызча Latina Ladino Lëtzebuergesch Лакку Лезги Lingua Franca Nova Limburgs Ladin Lombard Lingála ລາວ Lietuvių Latviešu Madhurâ मैथिली Basa Banyumasan Мокшень Malagasy Олык марий Māori Minangkabau Македонски മലയാളം Монгол ꯃꯤꯇꯩ ꯂꯣꯟ मराठी Bahasa Melayu Mirandés မြန်မာဘာသာ Эрзянь مازِرونی Nedersaksies Plattdüütsch नेपाली नेपाल भाषा Nederlands Norsk nynorsk Norsk bokmål Novial Sesotho sa Leboa Occitan Livvinkarjala ଓଡ଼ିଆ Ирон ਪੰਜਾਬੀ Kapampangan Papiamentu Picard Polski Piemontèis پنجابی پښتو Português Runa Simi Română Tarandíne Русский Русиньскый Ikinyarwanda संस्कृतम् Саха тыла ᱥᱟᱱᱛᱟᱲᱤ Sardu Sicilianu Scots سنڌي Davvisámegiella Srpskohrvatski / српскохрватски Taclḥit සිංහල Simple English Slovenčina Slovenščina Gagana Samoa ChiShona Shqip Српски / srpski Sunda Svenska Kiswahili Ślůnski தமிழ் ತುಳು తెలుగు Тоҷикӣ ไทย Türkmençe Tagalog Tolışi Toki pona Tok Pisin Türkçe Seediq Татарча / tatarça Reo tahiti Тыва дыл Удмурт ئۇيغۇرچە / Uyghurche Українська اردو Oʻzbekcha / ўзбекча Vèneto Vepsän kel’ Tiếng Việt Volapük Walon Winaray 吴语 Хальмг მარგალური ייִדיש Yorùbá Vahcuengh ⵜⴰⵎⴰⵣⵉⵖⵜ ⵜⴰⵏⴰⵡⴰⵢⵜ 文言 閩南語 / Bân-lâm-gí 粵語 中文 IsiZulu Խմբագրել յղումները Էջ Քննարկում Արեւմտահայերէն Կարդալ Խմբագրել Խմբագրել աղբիւրը Տեսնել պատմութիւնը Գործիքներ Գործիքներ տեղափոխել կողագոտի պահել Գործողութիւններ Կարդալ Խմբագրել Խմբագրել աղբիւրը Տեսնել պատմութիւնը Ընհդանուր Այստեղ յղուող էջեր Առնչուող փոփոխութիւններ Մնայուն յղում ‎Էջի մասին տեղեկութիւն Մէջբերել այս էջը Ստանալ կարճ URL Switch to legacy parser Տպել/արտածել Գիրք ստեղծել Ներբեռնել իբրեւ PDF Տպագրելի տարբերակ Այլ նախագիծերու մէջ Abstract Wikipedia Ուիքիպահեստ Wikifunctions Ուիքիտուեալների տարր Արտաքին տեսք տեղափոխել կողագոտի պահել Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ Դուք կրնաք օգնել ծրագիրին՝ տեղադրուած տեղեկութիւններուն հաւաստիութիւնը գտնելով վստահելի աղբիւրներու մէջ եւ այդ աղբիւրները յղումներու տեսքով աւելցնելով յօդուածին մէջ։ Չհիմնաւորուած աղբիւրները ենթակայ են հեռացման։ Ճափոներէն գրութիւններ Գերեզմանաքար Միջնադարեան ճափոնական Ֆուրինքազան 風林火山 ռազմական դրօշը: Վրան գրուած է՝ «Քամիին պէս արագ, անտառին պէս հանդարտ, հուրին պէս կատաղի, լերան պէս անսասան» Ճափոներէն (ճափ.՝ 日本語 նիհօնկօ</small}}"}},"i":0}}]}'  նիհօնկօ ), արեւելաասիական լեզու։ Վիճելի կը համարուի որեւէ լեզուաընտանիքին պատկանիլը։ Ճափոներէնը մայրենի լեզու է 127 միլիոն մարդոց՝ գլխաւորապէս Ճափոնի մէջ ապրողներուն համար։ Ըստ աշխարհի լեզուներու դասակարգման՝ խօսողներու թիւով 8-րդն է։ Ճափոներէնը պաշտօնական լեզու է Ճափոնի մէջ։ Գրենական Համակարգ[ բաժինը" class="mw-editsection-visualeditor"Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը] Ճափոներէնի մէջ կը գործածուին միաժամանակ քանի մը գրենական համակարգեր։ Անիկա կը ներկայացնէ երեք հիմնական գրենական համակարգերու խառնուրդ՝ չինական քանճի գրանշանները, որ կը գործածուին ինչպէս չինական ծագումով բառերը, մարդ (人), ծառ (木), լեռ (山), այնպէս եւ նման կամ նոյն նշանակութեան ճափոներէն բառերը գրառելու համար եւ երկու վանկակազմական՝ հիրականա եւ քաթաքանա գրենական համակարգերը։ Երբեմն կը գործածուին նաեւ լատինական գիրերը, գլխաւորաբար՝ յապաւումներու պարագային։ Կը պատահի, որ քանճիով գրուող որոշ բառեր կը գրառուին նաեւ քաթաքանա գիրերով, օրինակ՝ մարդ (ヒト, հիթոյ) Հիրականա նիշերն աւելի յաճախ կը գործածուին զուտ ճափոնական, քան չինական ծագումով բառերը նշանակելու համար։ Բացի ատկէ, ատոնք կը գործածուին նաեւ գաղափարագիրերով գրառուող բառերու փոփոխական մասերը գրառելու համար։ Մասնաւորապէս, ատիկա կ'ըլլայ քանճին բայերու խոնարհումներու կամ ածանցի վերջաւորութիւններ կցելու համար։ Քաթաքանա նիշերը գլխաւորաբար կը գործածուին պատկերելու համար օտար բառերը, բոյսերու եւ կենդանիներու անունները եւ յուզական արտայայտչականութեան համար։ Օրինակ «Ռուսիոյ Վլատիվասթոք քաղաքին անունը կը դառնայ Ուրաթուօսութոքու (ウラジオストク), իսկ սառնանոյշին համար կը գործածուի անգլերէն ice cream-ի աիսու քուրի:մու (アイスクリーム) տառադարձումը: Պատմականօրէն, քանճիի քանակի սահմանափակումներ ընելու փորձերը սկսած են տակաւին 19-րդ դարու կէսերէն, սակայն ատոնք չեն դարձած կառավարական միջամտութեան առարկայ մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին Ճափոնի պարտութիւն կրելը։ Յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին եղած են տարբեր քննարկումներ, ընդհուպ մինչեւ քանճիէն ամբողջութեամբ հրաժարիլը եւ րոմաճիի՝ լատինական գիրերու բացառիկ գործածութիւն մտցնելը։ Ուսուցումը[ բաժինը" class="mw-editsection-visualeditor"Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը] Ճափոնցի աշակերտները քանճի սորվիլ կը սկսին տարրական դպրոցի առաջին դասարանէն։ Ճափոնի կրթութեան նախարարութեան մշակած ծրագիրով կ'առանձնացուի քեոյքու քանճիի (կրթութեան քանճի) 1.006 պարզ գրանշան, որոնք երեխան պէտք է սորվի մինչեւ վեցերորդ դասարանն աւարտելը։ Երեխաները միջնակարգ դպրոցէն ներս կը շարունակեն սորվիլ եւս 1.130 գրանշան, արդիւնքին տիրապետելով 2.136 ճոեոյ քանճի։ Ճոեոյ քանճիի պաշտօնական ցանկը վերանայուած է քանի մը անգամներ, սակայն անոնց պաշտօնական քանակը գլխաւորաբար մնացած է նոյնը։ Հարցական Նախադասութիւններ[ բաժինը" class="mw-editsection-visualeditor"Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը] Հարցերն ունին նոյն կառուցուածքը, այսինքն՝ պատմողական նախադասութիւնները։ Տարբերութիւնն անիկա է, որ վերջին մասը կ'աւելնայ։ Հարցը պաշտօնական արտայայտելու համար կ'աւելցուի «-քա» վերջածանց։ Օրինակ՝ «իի տեսու» (いいです)։ «Լաւ է»-ն կը դառնայ իի տեսու-քա (いいですか。) «Լաւ է՞»։ Շատ ոչ պաշտօնական պարագաներուն խօսակիցի հանդէպ ուշադրութիւնը շեշտելու համար կ'աւելցուի -նոյ (の) վերջածանցը՝ Տոշիթէ քոնաի-նոյ «Ինչո՞ւ (դուն) չես գար»։ Որոշ պարզ հարցեր կը ձեւակերպուին առարկան հարցական ուժգնութեամբ նշելով, ինչ որ կ'ըլլայ խօսակցի ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար՝ Քորէ վա «Ասիկա՞», Օ-նամաէ վա (お名前は?) «(Ի՞նչ է քու) անո՞ւնը»։ Ժխտականները կը ձեւաւորուին՝ բայը խոնարհելով։ Օրինակ՝ Փան օ թապերու (パンを食べる。) «Ես հաց պիտի ուտեմ» կամ «Ես հաց կ'ուտեմ» արտայայտութիւնը կը դառնայ Փան օ թապենաի (パンを食べない。) «Ես հաց պիտի չուտեմ» կամ «Ես հաց չեմ ուտեր»։ Այսպէս՝ «-թէ» բայաձեւը կը գործածուի տարբեր նպատակներով՝ կա՛մ ընթացող, կա՛մ կատարեալ կերպի ժամանակներու համաձայնեցման համար բայերը կապակցելու։ (Ասակոհան օ թապեթէ սուկու տեգաքերու «Ես պիտի ուտեմ նախաճաշս եւ անմիջապէս պիտի երթամ»), թոյլտուութիւն խնդրելու պարագային (տեքաքեթէ-մո իի) «Կրնա՞մ ես երթալ» եւ այլն։ «Տա» (հասարակ), «տեսու» (բարեկիրթ) բառը հանգուցային բայ է։ Անիկա մօտաւորապէս կը համապատասխանէ հայերէն «ըլլալ» բային, սակայն յաճախ կը պատահի նաեւ այլ դերերու մէջ՝ ներառեալ ժամանակ նշող, երբ բայը կը խոնարհուի՝ ընդունելով անցեալի հասարակ «տաթթա» եւ բարեկիրթ «տեշիէայ» ձեւերը։ «Ընել» (սուրու, բարեկիրթ ձեւը՝ շիմասու) բայը յաճախ կը կիրառուի գոյականներէն բայեր ստանալուն համար (րեորի սուրու «թխել», պենքեոյ սուրու «սորվիլ», եւ այլն) եւ շատ կը հանդիպի ժամանակէն ժարկոնային բառեր ստեղծելու ատեն։ Ճափոներէնն ունի նաեւ հսկայական քանակութեան բաղադրեալ բայեր։ Օրինակ՝ թոպիտասու «դուրս թռչիլ», որ ստացուած է թոպու «թռչիլ, ցատկել» + տասու «դուրս հանել, արձակել» միացութենէ։ Րենտաքու[ բաժինը" class="mw-editsection-visualeditor"Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը] Ճափոներէնի բառակազմութիւնն ունի առանձնայատկութիւն մը, երբ որոշ պարագաներուն բառարմատի առաջին խուլ բաղաձայնը կը դառնայ զրնգուն, եթէ անկէ առաջ կայ մէկ ուրիշ բառարմատ կամ նախդիր։ Այդ երեւոյթը ճափոներէն կ'ըսուի՝ րենտաքու 連濁, թարգմանաբար՝ հնչեղաւորում։ Րենտաքուն կիրառելու ոչ էեկ որոշակի օրինաչափութիւն կայ։ Բնորոշ օրինակ մըն է ճափոնական քաթաքանա 片仮名 եւ հիրականա 平仮名 այբուբեններու անունները։ Միեւնոյն քա 仮 արմատն առաջին պարագային կը կարդացուի խուլ ք-ով, իսկ երկրորդ դէպքին կը կատարուի րենտաքու եւ ք-ն փոխակերպուելով կը դառնայ զրնգուն կ։ Րենտաքուի օրինակներ՝ հիթոյ + հիթոյ հիթոպիթոյ ( «մարդ» + «մարդ» → «մարդիկ»); թոքի + թոքի թոքիտոքի ( «ժամանակ» + «ժամանակ» → «երբեմն»); թէ + քամի թէկամի ( «ձեռք» + «թուղթ» → «նամակ»): Լայմընի Օրէնք[ բաժինը" class="mw-editsection-visualeditor"Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը] Ամերիկացի լեզուաբան Պենճամին Լայմընի (անգլերէն՝ Benjamin Smith Lyman) անունով կոչուած օրէնքը կ'ըսէ, որ եթէ բաղադրեալ բառի երկրորդ արմատին մէջ արդէն կայ հնչեղ բաղաձայն, ապա անիկա րենտաքուի չ'ենթարկուիր՝ եամայ + քաճի → եամաքաճի, այլ ոչ եամակաճի («լեռ» + «կրակ» → «անտառի հրդեհ») հիթորի + թապի → հիթորիթապի, այլ ոչ հիթորիտապի ( «մարդ մը» + «ճամբորդութիւն» → «մինակ ճամբորդել») Րենտաքուն կը կատարուի այն բառերու 60%-ին մէջ, որոնց մէջ հնարաւոր է ըստ Լայմընի օրէնքի։ Բառակազմութիւններ[ բաժինը" class="mw-editsection-visualeditor"Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը] Բառակազմութիւններու ժամանակ կը կիրառուի վերջաւորութիւններ միացնելը՝ ։ -կաքու -学, գիտութիւններու անուններուն համար՝ կէնկոյ 言語 լեզու-կենկոկաքու 言語学 լեզուաբանութիւն, թիրի 地理 երկրագունդ-թիրիկաքու 地理学 աշխարհագրութիւն; ։ -քէյ -計, չափող գործիքներու անուններուն համար՝ քիացու 気圧 մթնոլորտային ճնշում-քիացուքէյ 気圧計 ճնշաչափ; ։ -շեոյ, -ճեոյ -所, հաստատութիւններու անուններուն համար՝ սայպան 裁判 դատ-սայպանշեոյ 裁判所 դատարան։ Ճափոնական մշակոյթի արտահանումէն շատ բուն ճափոնական բառեր եւրոպական լեզուներուն մէջ դարձած են սովորական եւ այսօր կը գործածուին նաեւ հայերէնին մէջ՝ քամիքազէ, օրիկամի, սուտոքու, սամուրայ, ցունամի, սուշի եւ այլն։ Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?title=Ճափոներէն&oldid=240866» էջէն Թաքուն ստորոգութիւն: Անաղբիւր եւ լրացուցիչ աղբիւրներու կարիք ունեցող յօդուածներ Այս էջը վերջին անգամ խմբագրուած է 24 Յունիս 2025 թուականի ժամը 09:45ին: Page was rendered with Parsoid. Գրութիւնը հասանելի է Creative Commons Attribution-ShareAlike License թույլատրագրի մէջ, առանձին դեպքերով հնարաւոր է յաւելեալ պայմաններ ունենալ։ Մանրամասնութիւններու համար այցելեցէք՝ Օգտագործման պայմաններ։ Սեփական տուեալներու պահպանման քաղաքականութիւն Ուիքիփետիայի մասին Պատասխանատուութենէ Հրաժարում Օրէնսդրութիւն Ծրագրաւորողներ Վիճակագրութիւն Քուքիներու հաստատում Բջիջային տեսք Որոնել Որոնել Toggle the table of contents Ճափոներէն 237 լեզու Աւելցնել քննարկում